2011-12-19 13:24:23

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազա Քահանայապետի Ճարը <> Կաթողիկէ Բանւորական Երիտասարադաց Կազմակերպութեան Անդամներուն


Ընդունելով Իտալական <> Կաթողիկէ բանւորական երիտասարադաց կազմակերպութեան անդամները անոնց ուղղած իր ճարին մէջ Նորին Սրբութիւնը նախ շնորհաւորեց ներկաները ու գնահատեց իրենց բարեսիրական ձեռնարկը ապա անդրադարձաւ <<կոչումի>> մասին։ Կոչ մը որ շատ անգամ լսած էք ձեր կեանքի ընթացքին -ըսաւ Սրբազան հայրը - <<ե'լ եւ գալէ>>։ Առաջինը` կեանքի պարգեւի կոչն է, ուշադի'ր եղէք - ըսաւ սրբազան հայրը - եւ գնահատեցէք զայն ու Տիրոջմէ խնդրեցէք որ ուրախ կեանք մը շնորհէ ամէն մէկ երիտասարդ կամ երիտասարդուհիի։Ամէնքն ալ յարգանքի արժանան են եւ ապրելու միջոցները չպակասին անոնց։ Երկրոդ կոչը` եղաւ Մկրտութեան կոչը, այս օրը դուք դարձաք Յիսուսի եղբայրները, ուրիշ կոչ մըն ալ լսեցիք` առաջին սուրբ հաղորդութեան մօտենալով երբ ամրապնդեցիք ձեր բարեկամութեան կապը Յիսուսի հետ։ Սիրելի երիտասարդներ վեհանձնութեամբ համապատասխանեցէք Տիրոջ բարեկամութեան։ Ան ձեց երբէք յուսախափ չի թողուր։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ներկաներէն խնդրեց որ իրենց բարեկամներուն տանին հրաւէրը <<ոտքի կանգնելու եւ ունկնդրելու Տիրոջ ձայնը>> եւ Սուրբ Ծնունդի բարեմաղթութիւնը որ ձեզի կ՛ուղղեմ հետեւեալն է <<երբ մսուռին առջեւ կագնիք, Յիսուսին ըսէք <<եկուր իմ կեանքին մէջ եւ ես քեզի միշտ մտիկ պիտի ընեմ >>։ Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ բոլորիդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.